{"title":"Զմմառու վանքի ծիսական երգին տարբերակը","authors":"Եդուարդ Թորիկեան","doi":"10.54503/2579-2830-2022.1(7)-101","DOIUrl":null,"url":null,"abstract":"Զմմառու վանքին ծիսական երգին տարբերակը, որ բերուած էր Սիսէն, երեք դարերէ աւելի ապաստանած ու պաշտպանուած է Լիբանան, արաբական երկրի մը մէջ, անշուք գիւղակի մը անկիւնը, շա՜տ հեռու Հայաստանէն, Կոստանդնուպոլսէն և հայկական Երուսաղէմէն ու Վենետիկէն: Զմմառեան կղերականները բացարձակապէս անհաղորդ մնացած էին ԺԹ. և Ի. դարերու հայ շարականերգութեան կարգաւորման «արդի» տեսութիւններուն, ի մասնաւորի՝ անոնք ոչինչ գիտէին Ն. Թաշճեանի հայկական արդի խազագրութեամբ շարականներու ձայնագրութենէն, ազդակներ՝ որոնք կրնային խեղաթիւրել իրենց աւանդութեան փոխանցման հարազատութիւնը: Հետեւաբար, Զմմառեան տարբերակը արժանի է դասուելու որպէս «անտեսուած» Կիլիկիոյ հարազատ շարականերգութեան աւանդութեան հազուագիւտ ժառանգորդներէն և ուշագրաւ նմոյշներէն մին: Այս աւանդական տարբերակը, փոխանցուած ու պահպանուած է առաւելաբար բերանացի կերպով և, ինչ որ աւելի հաւաստի կը դարձնէ զայն՝ ան հաւաքական աւանդութիւն մըն է, առաւե՛լ քան անհատական մեկնաբանութիւն մը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Զմմառեան տարբերակի պատմական ընթացքին կարեւոր փուլերը, անոր հաստատումը, փոխանցման կերպերն ու պարագաները, անոր ներկայ վիճակը, և վերջապէս անոր բնորոշ առանձնայատկութիւններուն ամփոփ ցուցակ մը:","PeriodicalId":40461,"journal":{"name":"AM Journal of Art and Media Studies","volume":"1 1","pages":""},"PeriodicalIF":0.1000,"publicationDate":"2022-09-16","publicationTypes":"Journal Article","fieldsOfStudy":null,"isOpenAccess":false,"openAccessPdf":"","citationCount":"0","resultStr":null,"platform":"Semanticscholar","paperid":null,"PeriodicalName":"AM Journal of Art and Media Studies","FirstCategoryId":"1085","ListUrlMain":"https://doi.org/10.54503/2579-2830-2022.1(7)-101","RegionNum":0,"RegionCategory":null,"ArticlePicture":[],"TitleCN":null,"AbstractTextCN":null,"PMCID":null,"EPubDate":"","PubModel":"","JCR":"0","JCRName":"ART","Score":null,"Total":0}
Զմմառու վանքին ծիսական երգին տարբերակը, որ բերուած էր Սիսէն, երեք դարերէ աւելի ապաստանած ու պաշտպանուած է Լիբանան, արաբական երկրի մը մէջ, անշուք գիւղակի մը անկիւնը, շա՜տ հեռու Հայաստանէն, Կոստանդնուպոլսէն և հայկական Երուսաղէմէն ու Վենետիկէն: Զմմառեան կղերականները բացարձակապէս անհաղորդ մնացած էին ԺԹ. և Ի. դարերու հայ շարականերգութեան կարգաւորման «արդի» տեսութիւններուն, ի մասնաւորի՝ անոնք ոչինչ գիտէին Ն. Թաշճեանի հայկական արդի խազագրութեամբ շարականներու ձայնագրութենէն, ազդակներ՝ որոնք կրնային խեղաթիւրել իրենց աւանդութեան փոխանցման հարազատութիւնը: Հետեւաբար, Զմմառեան տարբերակը արժանի է դասուելու որպէս «անտեսուած» Կիլիկիոյ հարազատ շարականերգութեան աւանդութեան հազուագիւտ ժառանգորդներէն և ուշագրաւ նմոյշներէն մին: Այս աւանդական տարբերակը, փոխանցուած ու պահպանուած է առաւելաբար բերանացի կերպով և, ինչ որ աւելի հաւաստի կը դարձնէ զայն՝ ան հաւաքական աւանդութիւն մըն է, առաւե՛լ քան անհատական մեկնաբանութիւն մը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Զմմառեան տարբերակի պատմական ընթացքին կարեւոր փուլերը, անոր հաստատումը, փոխանցման կերպերն ու պարագաները, անոր ներկայ վիճակը, և վերջապէս անոր բնորոշ առանձնայատկութիւններուն ամփոփ ցուցակ մը: